Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն մասնակցող խումբերուն թիւին իմաստով մրցանիշ պիտի հաստատուի:
Կազմակերպիչ երկրին պաշտօնական կայքը կը հաստատէ, որ Մոնտիալներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին պիտի մասնակցին ՖԻՖԱ-ի անդամ բոլոր երկիրները, ինչ որ պիտի ըլլայ նոր մրցանիշ մը` Մոնտիալներու պատմութեան մէջ:
Զտումի մրցումներուն առաջին հանգրուանը պիտի սկսի Ասիայէն` 12 մարտին:
Նշենք, որ Ռուսիա պիտի մեկնին զտումի մրցումներուն մասնակցած 35 խումբերը: