Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 17 յունուարին Ժիպէյլի մէջ Պիպլոս հիւրընկալեց Թատամոնը:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 79-72 արդիւնքով:
Մրցումին եւ Պիպլոսի ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մազեն Մնէյմնի (28 կէտ), մինչ անոր խմբակից Ճեսմըն Եանկպլատ` 20 կէտ: Իսկ Թատամոնէն Վլատան Վուքոսաւլիեվիչ նշանակեց 25 կէտ եւ 12 ռիպաունտ: Վերջինիս խմբակից Թերի Ռէյշոըն նշանակեց 17 կէտ:
Նշենք, որ դարձի 2-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, վաղը` երեքշաբթի, 20 յունուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին մէջ Թատամոն կը հիւրընկալէ Հուփսը: