Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Վոլքա Սոչիի մէջ աւարտեց իր ուսումնամարզական հաւաքը` մրցելով տեղւոյն Եուկ Սփոր ակումբին դէմ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Վոլքա 9 անպատասխան կոլ նշանակեց մրցակիցին բերդին մէջ: Անոր երրորդ կոլը հեռաւոր ուժգին հարուածով մը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով: Ան կատարեց նաեւ առաջին կոլին փոխանցումը:
Սարգիսով եւ հայ միջնապահ Արթուր Մինոսեան խումբին հետ դաշտ ներկայացան իբրեւ հիմնական մարզիկներ: 60-րդ վայրկեանին անոնք փոխարինուեցան, երբ մրցումը կ՛ընթանար 4-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ 24 յունուարէն 7 փետրուար Վոլքա այլ հաւաք մը եւս պիտի կատարէ Սոչիի մէջ: