Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «AS» կայքը կը հաղորդէ, որ Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Մարքօ Ռոյս այս տարեշրջանին աւարտէն ետք կը պատրաստուի հեռանալու իր ակումբէն:
Աղբիւրին համաձայն, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող Ռոյս իր մտերիմներուն յայտնած է, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ֆութպոլիստի իր ասպարէզը պիտի շարունակէ այլ ակումբի մը հետ` առանց նշելու իր նոր կազմին անունը:
ArmSport.am կ՛աւելցնէ նշելով, որ աւելի առաջ միջազգային մամուլը յայտնեց, որ Ռոյս համաձայնութեան եկած է Ռէալ Մատրիտի հետ եւ արդէն իսկ 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած անոր հետ:
Սակայն այս տեղեկութիւնը աւելի ուշ հերքուեցաւ տորթմունտցիներուն գործադիր տնօրէնին եւ ֆութպոլիստին գործավարին կողմէ:
Նշենք, որ Տորթմունտի հետ Ռոյսի պայմանագիրը կ՛աւարտի 2017-ին, իսկ անոր փոխանցման հրաժարագինը կ՛արժէ 25 միլիոն եւրօ: