Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն (36 տարեկան) նշեց, որ կը փափաքի իր մասնակցութիւնը բերել 2018-ի Մոնտիալին, որ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ մէջ:
«Եթէ մասնակցիմ 2018-ի Մոնտիալին, ապա պիտի հանդիսանամ առաջին բերդապահը, որ կը մասնակցի 6 մոնտիալներու: Ասիկա պիտի ըլլայ բացառիկ ցուցանիշ մը», անոր խօսքերը կը մէջբերէ ArmSport.am` վկայակոչելով transfermarkt.de կայքը:
Պիւֆոն իր խօսքը կ՛եզրափակէ նշելով. «Դիմացս ունիմ երեք տարի եւ չեմ ուզեր գուշակութիւններ կատարել: Սակայն կը կարծեմ, որ ծնած եմ այս խաղին եւ բացառիկ ըլլալու համար»:


