Նախորդ շաբաթ Ռուսիոյ Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ սկսան 2001-ի ծնունդ պատանիներու պասքեթպոլի «Եուրօ-լիկա»-ի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Երեւանի կրանտ սփոր ակումբին խումբը` գլխաւորութեամբ Վարդան Խաչատրեանին:
Իր կատարած նախորդ երեք մրցումներուն նման, կրանտ սփոր իր 4-րդ մրցումին եւս կրեց պարտութիւն մը, յայտնեց ArmSport.am: