Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին, նախորդ շաբաթավերջին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ ընթացք առաւ հեծելարշաւի մարզիչի Ա. կարգի դասընթացքը` մասնակցութեամբ 19 երկսեռ մասնակիցներու:
Դասընթացքի բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, ընդհանուր քարտուղար Հասսան Ռըսթոմ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, ֆետերասիոնի անդամներ Նազարէթ Հապիպեան, Ապտօ Նատեր, Քայսար Սալլում եւ ակումբներու ներկայացուցիչներ:
Նշենք, որ այս դասընթացքին, որուն աւարտին յաջողող անձերը պիտի ստանան մարզիչի Ա. կարգի վկայագիրներ, կը հսկէ հեծելարշաւի իրանցի միջազգային մասնագէտ Մաժիտ Նասիրի:
Այս առիթով Համմամ ողիմպիականին զօրակցութեան սնտուկին կողմէ Ծատուրեանին յանձնեց վեց հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը` իբրեւ առաջին վճարում, որ կը կազմէ դասընթացքին ծախսերուն 75 առ հարիւրը:
Նշենք, որ այդ դասընթացքը պիտի երկարի տասը օրուան վրայ, ամէն օր ժամը 15:00-էն 21:00: