Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը 4-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 2-1) յաղթանակ մը արձանագրելով 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Մայատինը:
Անոնց միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Սատի դաշտին վրայ, որ կը նկատուի Մայատինի դաշտը:
Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան: