Նորվեկիական Վիքերսունտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող դահուկացատկի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին:
Սլովենիայէն Փիթըր Փրեւց հանդիսացաւ 23-րդ հանգրուանին յաղթականը` երկու փորձերուն արձանագրելով 438,8 մեթր արդիւնք մը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Յատկանշականը եղաւ այն, որ Փրեւց երկրորդ փորձի ժամանակ 250 մեթր ցատկելով հաստատեց դահուկացատկի աշխարհի նոր մրցանիշ մը: