«Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը հաղորդէ, որ անգլիական երկու ակումբներ` Մանչեսթըր Սիթի եւ Արսենալ, շատ մօտէն հետաքրքրուած են Պարսելոնայի միջնապահ Իվան Ռաքիթիչով:
Վերոնշեալ ակումբներուն պատասխանատուները այս ախոյեանութեան ընթացքին հաղորդակցութեան մէջ մտած են խրուաթ ֆութպոլիստին հետ, որ սակայն յայտնած է, թէ մտադիր չէ հեռանալ Պարսելոնայէն:
Նշենք, որ «Լա լիկա»-ի ընթացքին ախոյեանութեան, Ռաքիթիչ 19 մրցումի ընթացքին նշանակած է 3 կոլ եւ կատարած 4 կոլի փոխանցում: