Շաբաթ, 21 փետրուարին, «Էն. Տի. Եու.» համալսարանը (Զուք Մոսպեհ) կը հիւրընկալէ Լիբանանեան համալսարաններու թեքուանտոյի ախոյեանութիւնը:
Լիբանանեան համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնը հաղորդեց, որ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ մարզիկներու արձանագրութեան ժամկէտը:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 68 մարզիկներ` լիբանանեան տարբեր համալսարաններէ:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան տիտղոսակիրները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն յուլիսին Կուանժուի մէջ (Հարաւային Քորէա) տեղի ունենալիք աշխարհի համալսարաններու ախոյեանութեան: