Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան կիսաւարտական հանգրուան հասնող չորս խումբերը:
Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը քիչ մը դժուարութեամբ` 4-3 արդիւնքով յաղթեց Մայատինի` երկարաձգումէն ետք:
Կիսաւարտականին Պէյրութի դրամատունը պիտի մրցի «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ին դէմ, որ յաղթեց Պրուս Քաֆէին` 7-1 արդիւնքով:
Լիբանանեան բանակը, որ յաղթեց Ղըպէյրիի (10-2), կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ «Էյ. Եու. Թի. Ի.»-ն, որ յաղթեց Սեն Ժոզեֆին (5-2):
Կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան այս շաբաթավերջին, իսկ աւարտական մրցումը` 28 փետրուարին: