Ռէալ Մատրիտի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա նախորդ շաբաթավերջին Տեփորթիւօ Քորունայի բերդին մէջ իր նշանակած կոլին շնորհիւ շրջանցեց արքայական ակումբին նախկին յառաջապահ պրազիլցի Ռոնալտոն:
Մէջբերելով «ԱՍ» կայքին հրապարակած մէկ լուրը` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ ֆրանսացին իր տրամադրութեան տակ ունի 84 կոլ, մինչ Ռոնալտօ` 83:
Մատրիտցիներու խումբին հետ իր կատարած 268 մրցումի ընթացքին Պենզեմա նշանակած է 129 կոլ: