Մարզական

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մարզական Յանձնախումբը Այցելեց Զօր. Միշել Աունի

Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Ժիհատ Սալամէի, տարեկան իր այցելութիւնը տուաւ Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, Ռապիէի անոր բնակարանին մէջ: Սալամէէն բացի, յանձնախումբին մաս կը կազմէին Տինա Նասըր, Ֆատի Թապեթ, Էլի Տագէսեան, Իսամ Ապու Ժաուտէ, Սարգիս Երէցեան, Զիատ Պաթիշ եւ Պասսամ Թըրք: Սալամէ զօր. Աունը տեղեակ պահեց...

Ինիեսթա Ընդհանուր Խումբին Հետ Վերադարձաւ Իր Փորձերուն

Սպանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Պարսելոնայի միջնապահ Անտրես Ինիեսթա, որ Լեվանթէի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին անհանգստութեան պատճառով դաշտ չներկայացաւ, երէկ վերադարձաւ ընդհանուր խումբ եւ իր խմբակիցներուն հետ սկսաւ իր փորձերուն: Նշենք, որ վերոնշեալ մրցումը աւարտած էր ի նպաստ Պարսելոնայի` 5-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակով: TotalFootball.am կայքը կը տեղեկացնէ, որ Մալակայի դէմ տեղի ունենալիք յաջորդ մրցումին Պարսա կը պատրաստուի ամբողջական...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պիպլոս – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պիպլոս – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին այսօր` հինգշաբթի, 19 փետրուարին, Պիպլոս - ՀՄԸՄ մրցումով: Այս մրցումը, որ կը սկսի ժամը 18:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Պիպլոսի դաշտին վրայ, Ժիպէյլի մէջ: Վաղը` ուրբաթ, 20 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 17:50-ին, կը սկսի դարձի 6-րդ հանգրուանը, երբ Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Թատամոնը:  

Փինկ Փոնկ.  Միրէյ Պոյաճեան Եւ Պերճ Կէօքէօզեան ՀՄԸՄ-ի Ապահովեցին Երկու Առաջնութիւն

Փինկ Փոնկ. Միրէյ Պոյաճեան Եւ Պերճ Կէօքէօզեան ՀՄԸՄ-ի Ապահովեցին Երկու Առաջնութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի (Այն Սաատէ) մէջ շարունակուեցան Լիբանանի փինկ փոնկի գարնանային տարիքային բաժակի մրցումները: Մրցաշարքին չորրորդ օրը տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու մրցումները: Աղջկանց մրցաշարքին պարագային Միրէյ Պոյաճեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) տիրացաւ առաջնութեան` աւարտականին 3-1 արդիւնքով (2-11, 11-7, 8-11 եւ 7-11) յաղթելէ ետք Միներվա Ապպուտի (Շարթիէ Տար Նուր): Երրորդ դիրքը գրաւեցին Փերլա Մանսուր (Մոն լա...

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամ Եւ Փոլ Սմիթ Բաց Փորձեր Կատարեցին

21 փետրուարին WBO-ի 2-րդ կիսամիջին դասակարգի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ փոխվրէժի մենամարտ մը պիտի կատարէ Փոլ Սմիթի դէմ: Պերլինի մէջ տեղի ունենալիք այս մենամարտէն առաջ երկու կռփամարտիկները իրենց մարզիչներուն գլխաւորութեամբ բաց փորձեր կատարեցին երէկ, կը յայտնէ ArmSport.am:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 43-68

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: Մրցումը աւարտեցաւ Անթիլիասի աղջիկներուն յաղթանակով` 68-43 արդիւնքով (6-24, 9-18, 14-18 եւ 14-8): Քաթերին Հաժ-Պապիկեան նշանակեց 22 կէտ` ի նպաստ Անթիլիասի, իսկ անոր խմբակիցներ Մեղրի Թորոսեան եւ Նաթալի Սվաճեան` յաջորդաբար 11 եւ 9 կէտ:

Սպարտակ Բարձրացուց Մովսիսեանի Աշխատավարձը

Իր լուրը քաղելով ռուսական մամուլէն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ Սպարտակ Մոսկուայի պատասխանատուները զգալիօրէն բարելաւած են Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի նոր պայմանագիրին պայմանները եւ անոր աշխատավարձը բարձրացուցած են մինչեւ 3,5 միլիոն եւրօ: Ինչպէս ծանօթ է, 27 տարեկան ֆութպոլիստը նախորդ շաբաթավերջին երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր ակումբին հետ` աւելի լաւ պայմաններով: Նոր համաձայնագիրը կնքուած է «4+1» դրութեամբ եւ պիտի երկարի...

Նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան Մեկնեցաւ Մինսք

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան, Պիելոռուսիոյ երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ալեքսանտր Շամքոյի յատուկ հրաւէրով, մեկնեցաւ Մինսք` ներկայ գտնուելու համար պատանիներու եւ երիտասարդներու պիաթլոնի աշխարհի ախոյեանութեան: Այս այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են երկու նախարարներուն միջեւ աշխատանքային հանդիպումներ, որոնց շրջանակներուն մէջ պիտի քննարկուին երկու երկիրներուն միջեւ մարզական ոլորտին մէջ ապագայ համագործակցութեան հարցեր եւ ի մասնաւորի` միացեալ ուսումնամարզական հաւաքներու կազմակերպումի եւ կայացման,...

Կռփամարտ. Վանես Մարտիրոսեանի Մրցակիցը Յստակացաւ

Միացեալ Նահանգները ներկայացնող հայազգի արհեստավարժ կռփամարտիկ Վանես Մարտիրոսեան իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 28 մարտին` ամերիկացի Չարմել Չարլոյի դէմ: Վերջինս (24 տարեկան) ցարդ պարտութիւն չէ կրած: 28 տարեկան Մարտիրոսեան (Աբովեանէն) WBO-ի առաջին միջին կարգի դասակարգին մէջ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը, մինչ անոր մրցակիցը կը գտնուի առաջին դիրքին վրայ: Իսկ այս դասակարգին մէջ ախոյեանն է Տեմիթրիուս Անտրատէ, որ նոյեմբեր 2013-ին տիրացաւ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Յաղթական` Գերմանիոյ Մէջ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ռէալ Մատրիտ, որ Գերմանիոյ մէջ հիւրը եղաւ Շալքէի, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (26-րդ) եւ Մարսելօ (79-րդ) նշանակեցին Ռէալի երկու կոլերը: Պալ, որ հիւրընկալեց Փորթոն, 1-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց անոր հետ:  

Լիբանանի Համալսարաններու Մարզական Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Հըննաուիի

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի նախարարութեան իր նստավայրին մէջ ընդունեց Լիբանանի համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը, զոր կը գլխաւորէր յանձնախումբի նախագահ Նասրի Նասրի Լահուտ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Նետիմ Զէյնէտտին, Ժորժ Նատեր, Նեժի Հաժ Սլէյման, Սամի Կարապետեան, Նատին Նուզհա եւ Զինա Մինա: Պատուիրակութիւնը նախարարը տեղեակ պահեց 2015 տարուան ընթացքին իր գործադրելիք յայտագիրին մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ...

Ժիւտօ. Հայաստան 8 Մարզիկով Կը Մասնակցի Տիւսելտոլֆի Կրան Փրիին

ArmSport.am կը հաղորդէ, որ 20-22 փետրուարին Տիւսելտոլֆի մէջ (Գերմանիա) տեղի պիտի ունենայ ժիւտոյի կրան փրիի խաղարկութիւնը: Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Դաւիթ Խիթարեան ըսաւ, որ այս մրցաշարքին Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ հետեւեալ 8 մարզիկներով (7 տղաք եւ 1 աղջիկ): Մասնակցող մարզիկները հետեւեալներն են. Յովհաննէս Դաւթեան, Գրիգոր Իվանեան (60 քկ), Արսէն Ղազարեան, Դաւիթ Ղազարեան (66 քկ), Դաւիթ Նիկողոսեան (73 քկ), Անդրանիկ...

Փոտոլսքի Յառաջիկայ Ամառ Պիտի Վերադառնայ Արսենալ

Արսենալի յառաջապահ Լուքաս Փոտոլսքի, որ այս տարեշրջանին փոխ տրուեցաւ Ինթեր Միլանի, յայտարարեց, որ այս ամառ պիտի վերադառնայ լոնտոնեան իր խումբին: «Ներկայ դրութեամբ կրնամ ըսել, որ այս ամառ պիտի վերադառնամ Արսենալ: Լոնտոնեան խումբին հետ ելոյթ ունենալը ինծի համար աւելի նպաստաւոր է», անոր խօսքերը կը մէջբերէ «Քիքըր» կայքը:

Միջդպրոցական Պասքեթպոլի 6-րդ Մրցաշարք. Շանվիլ Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ

Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի, գործակցութեամբ մարզիչ Ռըզքալլա Զալհումի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Ղազիրի դաշտին վրայ աւարտեցաւ միջդպրոցական պասքեթպոլի 6-րդ մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը: Շանվիլ վարժարանը (Տիք Մըհտի) տիտղոսը պահեց իր մօտ, երբ աւարտականին 87-79 արդիւնքով յաղթեց Լուէյզէի (Զուք Մոսպեհ): Աւարտին, յաղթական խումբը իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսարէն:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 18 փետրուարին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Պէյրութ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ժամը 20:30-ին:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները: Նախորդ շաբթուան հետ բաղդատելով, այս շաբաթ տուգանքներն ու կախակայումները որոշ չափով աւելցած են: Սալամ Զղարթա 3 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, Ախա Ահլի Ալէյ` մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի, իսկ Ռասինկ` հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիի: Ախա Ահլի Ալէյ - Նըժմէ մրցումին...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները պիտի շարունակուին այս շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» եւ «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտերուն վրայ, յաջորդաբար շաբաթ, 21 եւ կիրակի, 22, փետրուար 2015-ին: Ստորեւ կը ներկայացնենք շաբաթավերջի զոյգ մրցաշարքերուն յայտագիրները. ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՇԱԲԱԹ, 21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ, 2015   ԺԱՄ Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան - «Յառաջ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Մութթահետ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 18 փետրուարին, Ռիատի Պէյրութ Մանարայի մէջ գտնուող իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Մութթահետը: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 18:00-ին:    

Ապտօ Նատեր Վերադարձաւ Թայլենտէն

Ապտօ Նատեր (աջին) Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատեր վերադարձաւ Նախունէն (Թայլենտ), ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ Ասիական ֆետերասիոնին տարեկան համագումարին: Նշենք, որ այս համագումարը տեղի ունեցաւ Ասիոյ հեծելարշաւի ճամբու ախոյեանութեան նախօրեակին: Այս համագումարին զուգահեռ, Ապտօ Նատեր յատուկ հանդիպումներ ունեցաւ միջազգային, ասիական եւ արաբական ֆետերասիոններուն նախագահներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ, քննարկելու համար այս մարզը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ աշխուժացնելու...

Հովանաւորութեամբ` «Վիվասել-Էմ. Թի. Սի.»-ի.  6-րդ Տարին Ըլլալով Տեղի Ունեցաւ Փինկ Փոնկի Մրցաշարքը` Լրագրողներու Միջեւ

Հովանաւորութեամբ` «Վիվասել-Էմ. Թի. Սի.»-ի. 6-րդ Տարին Ըլլալով Տեղի Ունեցաւ Փինկ Փոնկի Մրցաշարքը` Լրագրողներու Միջեւ

Հայաստանի մարզական միութեան Սպարտակ մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց 6-րդ մրցաշարքը` լրագրողներու միջեւ: Հայաստանեան լրագրողները հաւաքուած էին մէկ յարկի տակ` յանուն մարզական առողջ ոգիի եւ արդար մրցակցութեան: Այս մրցաշարքը կազմակերպած էր «Առաւօտ» օրաթերթը, իսկ գլխաւոր իրաւարարներն են Ֆելիքս Սարգսեանը եւ Գոհար Խանզրադեանը: Արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած այս մրցաշարքին մասնակցելու համար առաջարկ ներկայացուցած են 17 լրատուամիջոցներու 42...

Page 1256 of 1274 1 … 1,255 1,256 1,257 … 1,274

Արխիւներ