
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 14 փետրուարին, ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը:
Մրցումը աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ՀՄԸՄ կրէ դարձի իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` 40 կէտի տարբերութեամբ` 115-75 արդիւնքով (16-26, 33-45, 55-83 եւ 75-115):
Այս մրցումին Ռիատիի հետ իր առաջին մրցումը կատարեց Ֆատի Խաթիպ, որ շաբաթ մը առաջ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր նշեալ ակումբին հետ:
Տարեշրջանի իր 10-րդ յաղթանակը արձանագրած եւ միայն պարտութիւն մը կրած Ռիատի կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ, մինչ ՀՄԸՄ, որ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը, արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրած 7 պարտութիւն:
Շաբաթ օրուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ` մարզիկներուն դաշտ ներկայացած ժամանակը).
Մարիօ Ապպուտ (6′ 59″, 8 կէտ), Ռաշատ Մաքքանթց (29′ 30″, 18 կէտ, 2 ռիպաունտ), Յարութ Տեքերմենճեան (2′ 54″), Սեւակ Քեթենճեան (32′ 52″, 8 կէտ, 6 ռիպաունտ), Մայքըլ Ֆրէյզըր (37′ 05″, 18 կէտ, 17 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (24′ 43″, 7 կէտ, 1 ռիպաունտ), Ճիմի Սալեմ (29′ 30″, 11 կէտ, 1 ռիպաունտ), Ճօ Վոկըլ (33′ 00″, 5 կէտ, 11 ռիպաունտ) եւ Րաֆֆի Խալոյեան (3′ 21″):
Ռիատիէն Ժահմար Եանկ նշանակեց 26 կէտ, ապա յաջորդաբար` Ֆատի Խաթիպ 22 կէտ, Ահմետ Իպրահիմ` 18 կէտ, Ահլի Մահմուտ 12 կէտ, Իսմայիլ Ահմետ` 11 կէտ:
Նշենք, որ երէկ, 12-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Սաժես 87-72 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թատամոնը, Ժունիէի Ֆուատ Շեհապի անուան մարզադաշտին վրայ:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Հուփս Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ կը հիւրընկալէ Շանվիլը: