Երկու անգամ «Թուր տը Ֆրանս»-ի ախոյեան հանդիսացած Ալպերթօ Քոնթատոր յայտարարած է, որ շատ հաւանաբար 2016-ը իրեն համար ըլլայ վերջին տարին` որպէս արհեստավարժ հեծելանւորդ:
32 տարեկան Քոնթատոր, որ մաս կը կազմէ Թինքոֆ Սաքսօ խումբին, «Էլ Մունտօ» օրաթերթին հետ կատարած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ կը մտադրէ այս տարի մասնակցիլ միայն «Թուր տը Ֆրանս»-ին եւ «Ժիրօ տ՛իթալիա»-ին:
Նշենք, որ ռուսական սեփականութիւն եղող խումբին հետ սպանացի Քոնթատորի ստորագրած պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս տարուան վերջաւորութեան: