Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լեռնալիբանանի նահանգի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, որուն մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը:
ՀՄԸՄ, որ Ա. հանգրուանին իրեն մրցակից ունէր Սաֆա Պարուքը, 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ սկսաւ ախոյեանութիւնը` Քֆարշիմայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին:
Բ. հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցն է Մասիս: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Շարքի դաշտին վրայ, կիրակի, 22 փետրուարին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին:
Նշենք, որ խումբին մարզիչն է Յովիկ Կիրակոսեան, իսկ թեքնիք պատասխանատուն` Յակոբ Տեմիրճեան:
Իսկ խումբին մարզիկներն են` Արաբօ Անտոնեան, Աւիկ Յարութիւնեան, Աւօ Տոնտուրեան, Ժաք Պչաքճեան, Դաւիթ Պէրպէրեան, Գէորգ Գումաշեան, Նարեկ Ատուրեան, Ժաք Պէրպէրեան, Սեւակ Օհանեան, Սեպասթիան Կոնսթանթին, Ներսէս Պէրպէրեան, Գրիգոր Խոճիկեան, Նժդեհ Գազեզեան, Շանթ Պալեան, Սթիւ Տէր Գէորգ, Ներսէս Քիւլխանճեան, Ճեֆրի Գասարճեան, Ժաաֆար Եասին, Էլի Փիլաւճի, Յարութ Յակոբեան, Հայկ Վարդանեան, Պօղոս Վարդանեան, Րաֆֆի Թոփալեան, Միքայէլ Սաատ եւ Յովիկ Գէորգեան: