Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին, արձանագրեց փայլուն արդիւնքներ:
Աղջկանց 800 մեթր վազքի մրցումին, Լիլիթ Յարութիւնեան` արձանագրելով 2′ 15″ 41 արդիւնք մը, հանդիսացաւ առաջին:
3000 մեթր վազքի մրցումներուն 11′ 10″ 80 արդիւնք մը արձանագրելով` ախոյեանի տիտղոսին արժանացաւ Էլլաթա Ալավերդեան: Ան մասնակցեցաւ նաեւ 1500 մեթր վազքի մրցումին եւ 5′ 00″ 15 արդիւնք մը արձանագրելով գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Եանա Աբրահամեան յաջողեցաւ տիրանալ առաջնութեան, երբ մէկ քայլ ոստումի մրցումներուն արձանագրեց 5,20 մեթր արդիւնք մը:
Վերջապէս, աղջկանց 4×400 մեթր վազքի մրցումին Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը հանդիսացաւ 3-րդ:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 10 երկիրներու հզօրագոյն աթլեթները: