Երէկ գիշեր, ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցան «Չեմփիընզ լիկ»-ի երկու ճակատումներ, որոնք աւարտեցան հաւասարութեամբ:
Չելսի, որ հիւրն էր Փարիզ Սեն Ժերմենի, յաջողեցաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրել, մինչ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեցաւ Շախտիոր Տոնեցք – Պայէրն Միւնիխ մրցումը:
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, Պալ կը հիւրընկալէ Փորթոն, իսկ Շալքէ` Ռէալ Մատրիտը:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: