Իր երկրին` Փղոսկրեայ Ափունքի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ Ափրիկէի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին տիրացած յետսապահ Քոլօ Թուրէ, նախորդ շաբաթավերջին եկաւ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի միջազգային ասպարէզին:
34 տարեկան Թուրէ, որ մաս կը կազմէ Լիվըրփուլի, իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ելոյթ սկսաւ ունենալ 2000-էն ի վեր` մասնակցելով աւելի քան 100 մրցումի:
Նշենք, որ Ղանայի դէմ տեղի ունեցած այդ աւարտական մրցումին, որ վերջ գտաւ փենալթիներով (9-8), Թուրէ նշանակեց Փղոսկրեայ Ափունքի կոլերէն մէկը: