Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները:
Նախորդ շաբթուան հետ բաղդատելով, այս շաբաթ տուգանքներն ու կախակայումները որոշ չափով աւելցած են:
Սալամ Զղարթա 3 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, Ախա Ահլի Ալէյ` մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի, իսկ Ռասինկ` հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիի:
Ախա Ահլի Ալէյ – Նըժմէ մրցումին հսկող պատասխանատուին տեղեկագիրը փոխանցուեցաւ ֆետերասիոնին մէկ քննիչ յանձնախումբին, որ տայ իր յստակ որոշումը:
Նոյնը պատահեցաւ նաեւ Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Սաժես մրցումին առնչութեամբ:
Սաժեսի մարզիկներէն Մոհամետ Զըրաքաթ մէկ տարիով կախակայուեցաւ:
Կրտսերներու ախոյեանութեան գծով Սալամ Զղարթա եւ Իժթիմահի մէկական միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցան:
Իժթիմահիի դէմ իր կատարած մրցումին, ֆետերասիոնին մօտ չստորագրուած մարզիկ մը դաշտ ներկայացուցած ըլլալուն համար (Ժան Նըժէյմ)` անիկա 2-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ:
Իր կարգին Իժթիմահի 2-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ, որովհետեւ Սալամ Զղարթայի դէմ դաշտ ներկայացուց չստորագրած մարզիկ մը (Ալաէտտին Ուորուր)` ֆետերասիոնին տոմարներուն վրայ:
Շապապ Արապի մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուելէ բացի, ՀՄՄ-ի դէմ իր կատարած մրցումին (կրտսերներ), 2-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ, որովհետեւ դաշտ ներկայացուց մարզիկ մը, որ իրաւունք չունէր մասնակցելու այս մրցումին:
Ստորեւ` շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 17-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.
ՈՒՐԲԱԹ, 20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Նըժմէ – Թատամոն Սուր 15:30 Սայտա
ՇԱԲԱԹ, 21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ.
Սալամ Զղարթա – Սաֆա 14:15 Զղարթա
Շապապ Ղազիէ – Նեպի Շիթ 14:15 Քֆարժոզ
Ախա Ահլի Ալէյ – Ահտ 14:15 Պհամտուն
ԿԻՐԱԿԻ, 22 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Ռասինկ – Թրիփոլի 14:15 Պուրճ Համուտ
Անսար – Շապապ Սահել 15:30 Պէյրութ
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 17-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.
ՇԱԲԱԹ, 21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ումմալ Թրիփոլի – Շեպիպեթ Մազրաա 14:15 Թրիփոլի
ԿԻՐԱԿԻ, 22 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Իժթիմահի – Իսլահ Պըրժ Շիմալի 14:15 Թրիփոլի
Մապարրա – ՀՄԸՄ 14:15 Ահտ
Խըյուլ – Ահլի Սայտա 14:15 Սաֆա
Ահլի Նապաթիէ – Ռիատա Ուալ Ատապ 14:15 Քֆարժոզ
Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 8-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.
ՇԱԲԱԹ, 21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
ՀՄՄ – Շապապ Արապի 14:15 Նըժմէ