Իր լուրը քաղելով ռուսական մամուլէն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ Սպարտակ Մոսկուայի պատասխանատուները զգալիօրէն բարելաւած են Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի նոր պայմանագիրին պայմանները եւ անոր աշխատավարձը բարձրացուցած են մինչեւ 3,5 միլիոն եւրօ:
Ինչպէս ծանօթ է, 27 տարեկան ֆութպոլիստը նախորդ շաբաթավերջին երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր ակումբին հետ` աւելի լաւ պայմաններով: Նոր համաձայնագիրը կնքուած է «4+1» դրութեամբ եւ պիտի երկարի մինչեւ 2019:
Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, Մովսիսեանի ստորագրած պայմանագիրին մէջ նշուած է նաեւ 1,5 միլիոն եւրօ պոնիւսներու մասին, զորս յառաջապահը պիտի ստանայ կոլ արձանագրելու կամ կոլի փոխանցում կատարելու եւ 20 կէտ ապահովելու պարագային: