Արսենալի յառաջապահ Լուքաս Փոտոլսքի, որ այս տարեշրջանին փոխ տրուեցաւ Ինթեր Միլանի, յայտարարեց, որ այս ամառ պիտի վերադառնայ լոնտոնեան իր խումբին:
«Ներկայ դրութեամբ կրնամ ըսել, որ այս ամառ պիտի վերադառնամ Արսենալ: Լոնտոնեան խումբին հետ ելոյթ ունենալը ինծի համար աւելի նպաստաւոր է», անոր խօսքերը կը մէջբերէ «Քիքըր» կայքը: