Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին այսօր` հինգշաբթի, 19 փետրուարին, Պիպլոս – ՀՄԸՄ մրցումով:
Այս մրցումը, որ կը սկսի ժամը 18:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Պիպլոսի դաշտին վրայ, Ժիպէյլի մէջ:
Վաղը` ուրբաթ, 20 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 17:50-ին, կը սկսի դարձի 6-րդ հանգրուանը, երբ Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Թատամոնը: