
Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատեր վերադարձաւ Նախունէն (Թայլենտ), ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ Ասիական ֆետերասիոնին տարեկան համագումարին:
Նշենք, որ այս համագումարը տեղի ունեցաւ Ասիոյ հեծելարշաւի ճամբու ախոյեանութեան նախօրեակին:
Այս համագումարին զուգահեռ, Ապտօ Նատեր յատուկ հանդիպումներ ունեցաւ միջազգային, ասիական եւ արաբական ֆետերասիոններուն նախագահներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ, քննարկելու համար այս մարզը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ աշխուժացնելու հեծելարշաւի մրցաշարքերն ու ախոյեանութիւնները: