Սպանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Պարսելոնայի միջնապահ Անտրես Ինիեսթա, որ Լեվանթէի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին անհանգստութեան պատճառով դաշտ չներկայացաւ, երէկ վերադարձաւ ընդհանուր խումբ եւ իր խմբակիցներուն հետ սկսաւ իր փորձերուն:
Նշենք, որ վերոնշեալ մրցումը աւարտած էր ի նպաստ Պարսելոնայի` 5-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակով:
TotalFootball.am կայքը կը տեղեկացնէ, որ Մալակայի դէմ տեղի ունենալիք յաջորդ մրցումին Պարսա կը պատրաստուի ամբողջական կազմով, բացի յետսապահ Տուկլասէն, որ կը մարզուի անհատական ծրագիրով: