Հայաստանի մարզական միութեան Սպարտակ մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց 6-րդ մրցաշարքը` լրագրողներու միջեւ:
Հայաստանեան լրագրողները հաւաքուած էին մէկ յարկի տակ` յանուն մարզական առողջ ոգիի եւ արդար մրցակցութեան:
Այս մրցաշարքը կազմակերպած էր «Առաւօտ» օրաթերթը, իսկ գլխաւոր իրաւարարներն են Ֆելիքս Սարգսեանը եւ Գոհար Խանզրադեանը:
Արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած այս մրցաշարքին մասնակցելու համար առաջարկ ներկայացուցած են 17 լրատուամիջոցներու 42 աշխատակիցներ (23 տղաք եւ 19 աղջիկներ):
Յաջորդաբար 6-րդ տարին ըլլալով այս մրցաշարքին հովանաւորն էր «Վիվասել-Էմ. Թի. Սի.» ընկերութիւնը, որ տղոց եւ աղջկանց առաջին երեք դիրքերը գրաւողներուն նուիրեց «Ալքաթել-Փոփ-Սի.7» բջիջային հեռաձայններ: Այս մրցանակներէն տրուեցաւ նաեւ գլխաւոր իրաւարարներուն:
Ինչպէս ծանօթ է, որ «Վիվասել-«Էմ. Թի. Սի.»-ն, գործօն մասնակցութիւն կը բերէ երկրին հասարակական կեանքին եւ մի՛շտ ալ տարբեր տեսակի մրցաշարքերու հովանաւորող ընկերութիւն կը հանդիսանայ:
Ստորեւ` մրցաշարքին յաղթականները.
ՏՂԱՔ.
1.- Սամուէլ Ջինանեան («Երկիր Մետիա»)
2.- Աշոտ Յակոբեան («Առաւօտ»)
3.- Վիգէն Կիրակոսեան («Թոթալ-ֆութպոլ»)
ԱՂՋԻԿՆԵՐ.
1.- Մարինէ Կարապետեան («Երկիր Մետիա»)
2.- Անահիտ Աքմաքճեան («Առաւօտ»)
3.- Լիլիթ Գալստեան («Երկիր Մետիա»):