Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 18 փետրուարին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ժամը 20:30-ին: