Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը:
Մրցումը աւարտեցաւ Անթիլիասի աղջիկներուն յաղթանակով` 68-43 արդիւնքով (6-24, 9-18, 14-18 եւ 14-8):
Քաթերին Հաժ-Պապիկեան նշանակեց 22 կէտ` ի նպաստ Անթիլիասի, իսկ անոր խմբակիցներ Մեղրի Թորոսեան եւ Նաթալի Սվաճեան` յաջորդաբար 11 եւ 9 կէտ: