«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ռէալ Մատրիտ, որ Գերմանիոյ մէջ հիւրը եղաւ Շալքէի, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (26-րդ) եւ Մարսելօ (79-րդ) նշանակեցին Ռէալի երկու կոլերը:
Պալ, որ հիւրընկալեց Փորթոն, 1-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց անոր հետ: