Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի նախարարութեան իր նստավայրին մէջ ընդունեց Լիբանանի համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը, զոր կը գլխաւորէր յանձնախումբի նախագահ Նասրի Նասրի Լահուտ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Նետիմ Զէյնէտտին, Ժորժ Նատեր, Նեժի Հաժ Սլէյման, Սամի Կարապետեան, Նատին Նուզհա եւ Զինա Մինա:
Պատուիրակութիւնը նախարարը տեղեակ պահեց 2015 տարուան ընթացքին իր գործադրելիք յայտագիրին մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ յուլիսին Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի համալսարաններու ախոյեանութեան Լիբանանի մասնակցութեան հարցին, ինչպէս նաեւ հակիրճ տեղեկութիւն փոխանցուեցաւ նախարարին` լիբանանեան համալսարաններուն ընդհանուր մթնոլորտին մասին:
Աւարտին Լահուտ յատուկ յուշանուէր մը փոխանցեց նախարար Հըննաուիի` առ ի երախտագիտութիւն լիբանանեան մարզաշխարհին գծով իր ցուցաբերած հոգատարութեան համար: