Ֆրանսա Պիտի Հիւրընկալէ 2019-ի Աղջկանց Մոնտիալը
ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Ֆրանսա պիտի հիւրընկալէ 2019-ի աղջկանց մոնտիալը, ինչպէս նաեւ 2018-ի 20 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի մրցաշարքը: Ֆրանսա այս իրաւունքը ստացաւ, երբ ՖԻՖԱ-ի թեքնիք յանձնախումբը յայտարարսց, որ այդ երկու մրցաշարքերը հիւրընկալելու իրաւունքը կը տրուի Ֆրանսային, որ այսպիսով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել երկրորդ թեկնածուն` Հարաւային Քորէան: Նշենք, որ երկու մրցաշարքերը հիւրընկալելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած...


