Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին ալպանական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Ալպանիա – Հայաստան Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումին վայրը փոփոխութիւն պիտի կրէ եւ փոխադրուի Թիրանա` նկատի ունենալով, որ «Էլպասան Արենա»-ի դաշտին մէջ թեքնիք հարցեր գոյութիւն ունին:
Սակայն Ալպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ այդպիսի տեղեկութիւնները անհիմն են եւ իրականութեան չեն համապատասխաներ, որովհետեւ արդէն իսկ տոմսերուն վաճառքն ալ սկսած է:
Նշենք, որ տոմսերուն գինը կը տարուբերի 7,5-էն 75 ամերիկեան տոլարի միջեւ: