«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ, երբ տեղի ունեցան դարձի վերջին երկու մրցումները:
Մանչեսթըր Սիթի, որ հիւրն էր Պարսելոնայի, 1-0 արդիւնքով պարտուելով (երթ` 2-1, ի նպաստ` Պարսելոնայի) դուրս մնաց մրցաշարքէն: Իվան Ռաքիթիչ նշանակեց Պարսելոնայի կոլը (31-րդ), մինչ Սիթիի մարզիկներէն Սերճիօ Ակուերօ 78-րդ վայրկեանին չյաջողեցաւ կոլի վերածել փենալթի մը:
Պորուսիա Տորթմունտ, որ երթին 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր, երէկ եւս պարտուեցաւ, այս անգամ 3-0 արդիւնքով, իր հիւրէն` Եուվենթուսէն: Քարլոս Թեւեզ նշանակեց երկու կոլ (3-րդ եւ 79-րդ), մինչ երրորդը նշանակեց Ալվարօ Մորաթա (70-րդ):
Քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Մոնաքօ` մրցաշարքէն դուրս ձգելով յաջորդաբար Պայէր Լեւերքուզընը եւ Արսենալը:
Աթլեթիքօ Մատրիտ փենալթիներով, 3-2 արդիւնքով յաղթեց Պայէր Լեւերքուզընին` նկատի ունենալով, որ մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-0 արդիւնքով (երթ` 1-0):
Թէեւ Արսենալ Մոնաքոյի դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն մրցաշարքէն դուրս մնաց` նկատի ունենալով, որ երթին իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով պարտուած էր իշխանապետական կազմէն` Մոնաքոյէն: