Ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի աղջկանց ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի հաւաքականին յառաջատարը` Էլինա Դանիէլեան, կանուխէն հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին, նկատի ունենալով, որ անիկա տեղի կ՛ունենայ նաք-աութի դրութեամբ:
Քուպացի իր մրցակիցին` Մարերօ Լոփեզի դէմ Դանիէլեան առաջին հանդիպումը աւարտեց հաւասարութեամբ, մինչ երկրորդին պարտութիւն կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Սակայն Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչը` Լիլիթ Մկրտչեան, պիտի շարունակէ իր պայքարը: Ան իր կատարած երկու մրցումներուն ընթացքին հաւասարութիւն արձանագրեց Ռուսիան ներկայացնող Ալեքսանտրա Կորիաչքինայի հետ: Արագ ճատրակի երկու մրցումները պիտի վճռեն, թէ անոնցմէ ո՛վ պիտի ըլլայ յաջորդ հանգրուան հասնողը:
Նշենք, որ Դանիէլեանի նման մրցաշարքէն դուրս մնաց նաեւ Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Տաթեւ Աբրահամեան, որ իր կատարած երկու մրցումներուն ալ պարտուեցաւ Հարիքա Տրոնավալիէն: