
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ – Ռիատի Պէյրութ մրցումը:
ՀՄԸՄ, որ Բ. հանգրուանի երթին իր կատարած երեք մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած էր, կրեց այլ պարտութիւն մը եւս, այս անգամ` 70-88 արդիւնքով (15-22, 35-44, 51-63 եւ 70-88):
Ռիատիի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆատի Խաթիպ (40′ 00″, 24 կէտ, 9 ռիպաունտ), ապա` Ժերեմիա Մասսէյ (38′ 19″, 21 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Երէկուան այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց մրցումին մասնակցութեան տեւողութիւնը եւ նշանակած կէտերը).
Մարիօ Ապպուտ (4′ 38″), Տիոն Տիքսըն (40′ 00″, 18 կէտ, 3 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (32′ 47″, 9 կէտ, 2 ռիպաունտ), Մայքըլ Ֆրէյզըր (39′ 08″, 17 կէտ, 13 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (28′ 04″, 7 կէտ, 2 ռիպաունտ), Ճիմի Սալեմ (19′ 07″, 5 կէտ, 4 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (36′ 12″, 14 կէտ, 9 ռիպաունտ):
Օրուան իրաւարարներն էին` Ֆաուզի Աշքութի, Ատել Խուէյրի եւ Նիքոլա Մաալուֆ:
ՀՄԸՄ իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ երեքշաբթի, 24 մարտին, երբ երեկոյեան ժամը 18:00-ին հիւրը կ՛ըլլայ Պիպլոսի: