Եւրոպայի ֆութսալի 2016-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Զ. խմբակին, իր կատարած առաջին մրցումին 7-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սլովաքիայէն:
Հայրենի կազմին միակ կոլը նշանակեց Հենրիկ Գրիգորեան (16-րդ): Ան իր նշանակած կոլէն վայրկեան մը ետք չկրցաւ փենալթի մը կոլի վերածել:
Նշենք, որ Հայաստանի խմբակին մաս կազմող մնացեալ երկու խումբերն են Խրուաթիա եւ Թուրքիա:
Անոնց միջեւ առաջին մրցումը աւարտեցաւ Խրուաթիոյ յաղթանակով. վերջինս 10-0 արդիւնքով ջախջախեց թուրքերը: