Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, 27-28 մարտին տեղի կ՛ունենայ գարնանային 31-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ (կուպրով պատուած ճամբաներուն գծով):
«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան ընդմէջէն նշեց, որ վարորդներուն արձանագրութեան վերջին պայմանաժամն է երկուշաբթի, 23 մարտ, յետմիջօրէի ժամը 16:30-ը:
Այդ վարորդները պարտին առաւելագոյնը մինչեւ երեքշաբթի, 24 մարտ յայտարարել իրենց օգնականներուն անունները:
Գարնանային այս ռելիին ազդանշանը կը տրուի շաբաթ, 28 մարտին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին` «Քազինօ Տիւ Լիպան»-էն:
Նոյն օրը եւ նոյն վայրին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 15:45-ին, տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը: