Մարզական

Ռոպեն Քանի Մը Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

«Պունտըսլիկա»-ի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբի հոլանտացի միջնապահ Արժեն Ռոպեն քանի մը շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` նկատի ունենալով, որ նախորդ շաբաթավերջին Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դէմ իր կազմին կրած պարտութեան ընթացքին (2-0) վիրաւորուեցաւ: Նշենք, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստը վիրաւորուեցաւ մրցումին 24-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ Պայէրն Միւնիխ իր յաջորդ մրցումին հիւրը պիտի ըլլայ Պորուսիա Տորթմունտին:  

Ճատրակ. Յովհաննէս Կապուզեան Տիտղոսակիր` Հաուայ Կղզիին Մէջ

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ կրանտմասթըր Յովհաննէս Կապուզեան, դարձաւ տիտղոսակիր Հաուայ կղզիին մէջ, երբ հոն տեղի ունեցած ճատրակի բաց մրցաշարքին առաւելագոյն 6 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին: Կրանտմասթըր Ռոպերթ Աղասարեան 4,5 կէտ ապահովելով բաժնեց 2-4 դիրքերը, կ՛եզրափակէ Armchess.am:

Սկովտիական Ֆութպոլ. Հարթց Վերադարձաւ Բարձրագոյն Դասակարգ

Տարեշրջան մը միայն Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. դասակարգի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք, Հարթց յառաջիկայ տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ բարձրագոյն դասակարգին, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Հարթց 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆալքըրքին, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ 23 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ իր անմիջական մրցակիցին` Հիպեռնիընին վրայ: Այսպիսով, ցարդ իր կատարած 29 մրցումներուն ընթացքին Հարթց կրած է միայն պարտութիւն մը:...

Համպուրկ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Համպուրկ յայտարարեց, թէ պաշտօնանկ ըրած է իր մարզիչը` Ճօ Զինպաուըր: Այս տարեշրջանին խումբին արձանագրած արդիւնքները այդքան ալ հաշտ աչքով չդիտուեցան ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ, ինչ որ առիթ տուին եւ մղեցին, որ անոնք պաշտօնանկ ընեն իրենց մարզիչը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը աւելցուց, որ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը ակումբին թեքնիք տնօրէն Փիթըր Քնայեպել պիտի ստանձնէ ժամանակաւոր մարզիչի պաշտօնը:...

Պէյրութի Մարաթոնի Միութիւն.  Հայկական Վարժարաններու 350 Երկսեռ Աշակերտներ Մասնակցեցան 5 Քմ Վազքի Մրցումին

Պէյրութի Մարաթոնի Միութիւն. Հայկական Վարժարաններու 350 Երկսեռ Աշակերտներ Մասնակցեցան 5 Քմ Վազքի Մրցումին

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի մարաթոնի միութեան եւ հովանաւորութեամբ «Պանք-Մետ» դրամատան երէկ` կիրակի 22 մարտին Տըպպայէի «Լա Մարինա» շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ պատանիներու (7-17 տարեկան) 5 քմ վազքի մրցում մը: Նշենք, որ տեղի ունեցան վազքի այլ մրցումներ ալ, ինչպէս` 2 քմ (7-10 տարեկան) եւ 3 քմ (11-14 տարեկան): Վազքի այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ վազողներ, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր վարժարաններ եւ միութիւններ:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Թատամոն` 25-36

ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Թատամոն մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց տարիքային ախոյեանութեան (2001-2002-ի ծնունդ) մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, երէկ յետմիջօրէին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ մրցեցաւ Թատամոնի դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ Թատամոնի յաղթանակով` 36-25 արդիւնքով:

Ջուլֆալակեան Հրապարակեց Լեհաստան Մեկնող 5 Ըմբիշներուն Անունները

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան նախորդ շաբաթավերջին wrestling.am-ին յայտնեց, որ Լեհաստանի մէջ տեղի ունենալիք ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան Հայաստան պիտի ունենայ հինգ մարզիկ: Այդ հինգ ըմբիշներն են` Վազգէն Խաչատրեան (59 քկ), Գոռ Սիրեկենեան (66 քկ), Կարապետ Չալեան (75 քկ), Սարգիս Քոչարեան (80 քկ) եւ Վաղարշակ Մինասեան (85 քկ): Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Պարսելոնա Յաղթական` «Քլասիքօ»-ի Ճակատումին

Լուիս Սուարեզ կը նշանակէ Պարսելոնայի յաղթանակի կոլը Երէկ գիշեր Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ սպասուած գագաթի ճակատումը` Պարսելոնա - Ռէալ Մատրիտ «Քլասիքօ»-ի մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Պարսելոնայի յաղթանակով, որ 98,760 համակիրներու ներկայութեան 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ռէալ Մատրիտին: Ժերեմի Մեթիու (19-րդ) եւ Լուիս Սուարեզ (56-րդ) նշանակեցին Պարսայի կոլերը, իսկ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ` Ռէալի կոլը (31-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսա ամրապնդեց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Եւ Շանվիլ` Յաղթական

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Հուփս, որ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ հիւրընկալեց Սաժեսը, տասը կէտի տարբերութեամբ` 93-83 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն, հակառակ անոր որ առաջին քորթըրին դաշտին տէրը կը յառաջանար իր մրցակիցին վրայ (29-22, 44-50, 66-76 եւ 83-93): Մրցումին եւ Հուփսի ամէնէն շատ կէտը...

Լիթուանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Դաւիթ Արշակեան` Հեթրիքի Հեղինակ

Նախորդ շաբաթավերջին Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Թրաքայ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ուտենիսին, 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը: Յաղթական կազմի մարզիկ Դաւիթ Արշակեան, որ 20 տարեկան է, իր կազմին հետ այս մրցումին հեթրիք մը իրագործեց: Ան ցարդ Լիթուանիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան նշանակած է 4 կոլ: ArmSport.am նաեւ հաղորդեց, որ Արշակեան նախապէս մաս կը կազմէր Ս. Փեթերսպուրկի...

«Էն. Պի. Էյ.» Սթիւ Նեշ Լքեց Պասքեթպոլի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Քանատացի անուանի պասքեթպոլիստ Սթիւ Նեշ, «Տը Փլէյըրզ Թրիպիուն» կայքին միջոցով պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ իր արհեստավարժ ասպարէզը: Նեշ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերած է 1217 մրցումի` դաշտ ներկայանալով Ֆէոնիքս Սանզի, Տալաս Մավըրիքսի եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ` միջին հաշիւով մրցումի մը ընթացքին նշանակելով 14,3 կէտ: Ան երկու անգամ (2005-ին եւ 2006-ին) արժանացած է «Էն. Պի....

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տղոց Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) շարունակուեցան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց կրտսերներու ախոյեանութեան խմբային մրցումները: Բ. հանգրուան հասնող ութ խումբերը բաժնուեցան երկու խմբակի: Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւեց Պարաղեմ Նապաթիէ, որ առանց պարտութիւն կրելու ապահովեց 6 կէտ` յաղթելէ ետք Մոն լա Սալի (3-0), ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի (3-1) եւ Ռիատի Պէյրութի (3-1): Պարաղեմ Նապաթիէի հետ կիսաւարտական...

24 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Հայաստանի Ազգային Հաւաքական

29 մարտին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Ալպանիոյ: Այդ մրցումին նախապատրաստուելու համար, Հայաստանի հաւաքականը 23-27 մարտին մարզական հաւաք պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ հրապարակեց անունները այն 24 ֆութպոլիստներուն, որոնք հրաւէր ստացան մասնակցելու այդ հաւաքին: Ստորեւ`...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ Եւ Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք շարք մը մրցումներ պիտի ըլլան բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ: Սպանիոյ մէջ գագաթի ճակատումը իրարու դէմ պիտի հանէ երկրին երկու հսկաներ` Պարսելոնան եւ Ռէալ Մատրիտը: Տեղի ունենալիք այս «Քլասիքօ»-ին նախօրեակին, այժմ պարագլուխի դիրքը գրաւող Պարսելոնա կէտի մը առաւելութեամբ կը գերազանցէ արքայական խումբը: Այլ տաք ճակատում մը տեղի պիտի ունենայ Անգլիոյ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – Սաժես, Վաղը` Թատամոն – Շանվիլ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ Հուփս կը հիւրընկալէ Սաժեսը: Վաղը` կիրակի, միեւնոյն ժամուն, սակայն Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ Շանվիլ հիւրը պիտի ըլլայ Թատամոնի:  

Եւրոպական Ֆութպոլ. Տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտի Մրցակիցը` Աթլեթիքօ Մատրիտ

Երէկ յետմիջօրէին, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն վիճակաձգութիւնը: Առաջինին պարագային, տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտ իր դէմ պիտի ունենայ սպանական այլ կազմ մը` Աթլեթիքօ Մատրիտը, քառորդ աւարտականի մրցումներուն գծով: Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի մրցի Պարսելոնայի դէմ, Փորթօ` Պայէրն Միւնիխի, իսկ վերջապէս Եուվենթուս` Մոնաքոյի դէմ: Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 14-15 ապրիլին, իսկ դարձի մրցումները` 21-22...

Ճատրակ. Աշխարհի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Լիլիթ Մկրտչեան Եւս Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Լիլիթ Մկրտչեան (ձախին) Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, որ ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ կը շարունակուին ճատրակի աղջկանց աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները: Հայաստանի երկու մասնակցողներն ալ լաւ արդիւնք չկարենալով արձանագրել, դուրս մնացին մրցաշարքէն: Հետեւելով Էլինա Դանիէլեանի օրինակին` իր կարգին մրցաշարքէն դուրս մնաց Լիլիթ Մկրտչեան, որ 5-4 արդիւնքով պարտուեցաւ Ալեքսանտրա Կորիաչքինայէն (Ռուսիա): Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ նաք-աութի դրութեամբ:

«Եունայթըտը Պիտի Ըլլայ Իմ Վերջին Ակումբս» Ըսաւ Լուիս Վան Կաալ

Իր տուած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին հոլանտացի 63 տարեկան մարզիչ Լուիս Վան Կաալ ըսաւ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտը իրեն համար պիտի ըլլայ իր վերջին ակումբը, որովհետեւ երբ հեռանայ «Օլտ Թրեֆորտ»-էն, վերջ պիտի դնէ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին: «Կը կարծեմ, որ այլեւս ժամանակը հասած է քիչ մը ուշադրութիւն դարձնելու զաւակներուս, թոռնիկներուս եւ անշուշտ կնոջս: Անոնք ատոր արժանի են: Այս տարեշրջանին աւարտին մնացած է...

2022-ի Մոնտիալը Տեղափոխուեցաւ Նոյեմբեր- Դեկտեմբեր Ամիսներուն

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` «ՖԻՖԱ»-ն յայտարարեց, որ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալը պիտի կատարուի նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն: Աւելի կանուխ լուրեր շրջան կ՛ընէին, որ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 18 դեկտեմբեր 2022-ին, եթէ ասիկա իրականութիւն ըլլայ, ուրեմն Մոնտիալին բացումը տեղի պիտի ունենայ 21 նոյեմբեր 2022-ին, որովհետեւ Մոնտիալը կը տեւէ 28 օր: Յառաջիկային ՖԻՖԱ-ն պիտի ճշդէ, թէ 2019-2022 տարիներուն ընթացքին Մոնտիալի զտումի...

Եուվենթուսի Միջնապահ Փոկպա Աւելի Քան Երկու Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եուվենթուսի միջնապահ Փոլ Փոկպա, որ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Պորուսիա Տորթմունտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ-լիկ») վիրաւորուեցաւ, աւելի քան 2 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Ասիկա կը նշանակէ, որ Ֆրանսայի միջազգային մարզիկը պիտի բացակայի վերոնշեալ մրցաշարքի քառորդ աւարտականի եւ շատ հաւանաբար կիսաւարտականի մրցումներէն:      

Page 1243 of 1274 1 … 1,242 1,243 1,244 … 1,274

Արխիւներ