Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ 24 մարտին Երեւան կը հասնի Օլիմփիք Մարսէյի կեդրոնի յետսապահ Կայել Անտոնեան եւ կը միանայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին:
Ֆետերասիոնին կայքին մէջ նշուեցաւ, որ այս տեղեկութիւնը տարածելու պատճառը այն է, որ հաւաքականին եւ հայկական ֆութպոլի համակիրները բազմաթիւ հարցումներ ուղղած են ֆետերասիոնին` Կայել Անտոնեանի Հայաստան հասնելու լուրերը ճշդելու համար:
Նշենք, որ 29 մարտին Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Հայաստան հիւրը պիտի ըլլայ Ալպանիոյ: