Երէկ յետմիջօրէին լիբանանեան դահուկարշաւի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Իտալիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար փինոքիոյի կրտսերներու ախոյեանութեան:
Ախոյեանութեան ծիրին մէջ Լիբանան պիտի մասնակցի երկար եւ կարճ դահուկարշաւի մրցումներուն, 1999-2000 եւ 2000-2001 դասակարգերուն մէջ:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի անդամ Թուֆիք Տահեր: Խումբերուն մարզիչներն են` Պիլի Քութանթըն եւ Անտրէ Քոլարիք: Իսկ մարզիկներն են` Լուիզ Մըքաթթաֆ, Սարա Զէյտան, Իսամ Հատտատ, Լուքա Քէյրուզ, Անիաս Քէյրուզ, Թոմաս Ֆայեատ, Ժիւլիան Ապու Ժաուտէ, Քարլի Իսքանտար, Ինկրիտ Ասուատ եւ Սարա Լէոն:
Նշենք, որ մարզիկներուն ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Լիբանանի ախոյեանութեան անոնց արձանագրած արդիւնքներուն հիմամբ: