ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Ֆրանսա պիտի հիւրընկալէ 2019-ի աղջկանց մոնտիալը, ինչպէս նաեւ 2018-ի 20 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի մրցաշարքը:
Ֆրանսա այս իրաւունքը ստացաւ, երբ ՖԻՖԱ-ի թեքնիք յանձնախումբը յայտարարսց, որ այդ երկու մրցաշարքերը հիւրընկալելու իրաւունքը կը տրուի Ֆրանսային, որ այսպիսով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել երկրորդ թեկնածուն` Հարաւային Քորէան:
Նշենք, որ երկու մրցաշարքերը հիւրընկալելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին հինգ երկիրներ: Սակայն նախորդ տարի Անգլիա, Նոր Զելանտա եւ Հարաւային Ափրիկէ յետս կոչեցին իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը, այսպիսով առիթ տալով, որ պայքարը ըլլայ Ֆրանսայի եւ Հարաւային Քորէայի միջեւ: