Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան Արագածոտնի մարզին մէջ իր աշխատանքային այցելութեան սկսաւ Թալին քաղաքի Գարեգին Աւդալեանի անուան մարզադպրոցէն, ուր ծանօթացաւ մարզահամալիրներուն վիճակին` Թալինի քաղաքապետ Սարգիս Արամեանի հետ քննարկելով ծանրաբարձութեան մարզահամալիր ստեղծելու կարելիութիւնները:
Այս մասին հաղորդեց նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Ապա Ղազարեան այցելեց Քուչակի Միհրդատ Ասատրեանի անուան մանկապատանեկան մարզադպրոց, ուր արծարծեց տարբեր հարցեր, ինչպէս նաեւ քննարկեց անոր աշխատանքը խոչընդոտող խնդիրները:
Նախարար Ղազարեան խոստացաւ, որ նախարարութեան գործունէութեան շրջանակներուն մէջ պիտի աջակցի այդ խնդիրներուն լուծումներ գտնելու աշխատանքին:
Ան յարգանքի տուրք մատուցեց մարզի զոհուած ազատամարտիկներուն` ծաղիկներ զետեղելով անոնց յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:
Աւարտին, նախարար Ղազարեան եւ Արագածոտնի մարզպետ Սարգիս Սահակեան ունեցան աշխատանքային խորհրդակցութիւն:
Նախարարը պատասխանեց ներկաները յուզող հարցերուն, իսկ հանդիպումին աւարտին շնորհակալագիր յանձնեց ազատ ոճի ըմբշամարտի մարզիչ Էդկար Մարգարեանին, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am: