ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի 2014-2015 տարեշրջանի մարզախաղերու աւարտին, Շրջանային վարչութիւնը կու գայ տեղեկացնելու, թէ ԼԵՎԱՄ-ի այս տարուան աշխատանքները պիտի աւարտին փակման հանդիսութեամբ, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 22 մարտ 2015-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 14:00-էն սկսեալ: Փակման հանդիսութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենան պասքեթպոլի աւարտական մրցումներ, գեղարուեստական պարեր եւ մրցանակաբաշխութիւն:
Ստորեւ` փակման հանդիսութեան յայտագիրը.
ԺԱՄ
2:00 2000/2001/2002 Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան – Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան (աղջիկներ)
3:00 1999/2000 Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան – Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան (տղաք)
4:00 1997/1998/1999 Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան – Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ (աղջիկներ)
5:00 1997/1998 Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան – Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան (տղաք)
6:00 Գեղարուեստական յայտագիր` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան
Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
6:30 Տողանցք
7:10 Մրցանակաբաշխութիւն