Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` «ՖԻՖԱ»-ն յայտարարեց, որ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալը պիտի կատարուի նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն:
Աւելի կանուխ լուրեր շրջան կ՛ընէին, որ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 18 դեկտեմբեր 2022-ին, եթէ ասիկա իրականութիւն ըլլայ, ուրեմն Մոնտիալին բացումը տեղի պիտի ունենայ 21 նոյեմբեր 2022-ին, որովհետեւ Մոնտիալը կը տեւէ 28 օր:
Յառաջիկային ՖԻՖԱ-ն պիտի ճշդէ, թէ 2019-2022 տարիներուն ընթացքին Մոնտիալի զտումի մրցումները ե՞րբ տեղի պիտի ունենան: