«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եուվենթուսի միջնապահ Փոլ Փոկպա, որ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Պորուսիա Տորթմունտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ-լիկ») վիրաւորուեցաւ, աւելի քան 2 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Ասիկա կը նշանակէ, որ Ֆրանսայի միջազգային մարզիկը պիտի բացակայի վերոնշեալ մրցաշարքի քառորդ աւարտականի եւ շատ հաւանաբար կիսաւարտականի մրցումներէն: