Նախորդ շաբաթավերջին Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Թրաքայ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ուտենիսին, 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը:
Յաղթական կազմի մարզիկ Դաւիթ Արշակեան, որ 20 տարեկան է, իր կազմին հետ այս մրցումին հեթրիք մը իրագործեց: Ան ցարդ Լիթուանիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան նշանակած է 4 կոլ:
ArmSport.am նաեւ հաղորդեց, որ Արշակեան նախապէս մաս կը կազմէր Ս. Փեթերսպուրկի Լոքոմոթիւին: Թէեւ ան 2013-ին տեղափոխուեցաւ Միքա, սակայն երեւանեան խումբին մէջ չկրցաւ ինքզինք ամրապնդել: