Քանատացի անուանի պասքեթպոլիստ Սթիւ Նեշ, «Տը Փլէյըրզ Թրիպիուն» կայքին միջոցով պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Նեշ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերած է 1217 մրցումի` դաշտ ներկայանալով Ֆէոնիքս Սանզի, Տալաս Մավըրիքսի եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ` միջին հաշիւով մրցումի մը ընթացքին նշանակելով 14,3 կէտ:
Ան երկու անգամ (2005-ին եւ 2006-ին) արժանացած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն արժէքաւոր խաղացողի տիտղոսին եւ 8 անգամ ալ իր մասնակցութիւնը բերած է «Օլ Սթար»-ի մրցումին: