
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց տարիքային ախոյեանութեան (2001-2002-ի ծնունդ) մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, երէկ յետմիջօրէին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ մրցեցաւ Թատամոնի դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ Թատամոնի յաղթանակով` 36-25 արդիւնքով: