
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, որ ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ կը շարունակուին ճատրակի աղջկանց աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները:
Հայաստանի երկու մասնակցողներն ալ լաւ արդիւնք չկարենալով արձանագրել, դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Հետեւելով Էլինա Դանիէլեանի օրինակին` իր կարգին մրցաշարքէն դուրս մնաց Լիլիթ Մկրտչեան, որ 5-4 արդիւնքով պարտուեցաւ Ալեքսանտրա Կորիաչքինայէն (Ռուսիա):
Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ նաք-աութի դրութեամբ: